Գիւմրիի մասին

Գիւմրի- հինաւորց բնակավայրէն մինչեւ քաղաք 

Հնագիտական պեղումներու շնորհիւ Գիւմրիի եւ շրջակայքի մէջ յայտնաբերուած են Ն. Ք. 3-րդ հազարամեակին պատկանող հինաւուրց կացարաններ եւ գերեզմաններ: Պեղումները կը հաստատեն, որ քարէ դարուն մարդիկ այս տարածքին բնակութիւն հաստատած են: Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր բնակեցուած Գիւմրին՝ Հայաստանի հիւսիսային շրջանի կեանքի եւ մշակոյթի հետաքրքրական պատմութեան խօսուն վկայութիւնն է:

Միջին դարերուն տարբեր իշխանութիւններու տիրապետութիւններուն ենթարկուելէ ետք, Հայաստանի արեւելեան մասը 19-րդ դարու առաջին կէսին կը գտնուի Ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Այս շրջանին մեծ թափ կը ստանայ քաղաքաշինութիւնը:  

Այստեղ քաղաքաշինութիւնը ձեւաւորուած է երկու տարբեր ազդակներով. մէկը կու գայ պատմութեան խորքէն (ժողովրդական), իսկ միւսը կ'արտացոլէ արդի մօտեցումները: Քաղաքի հնագոյն մասը կը գտնուի 19-րդ դարուն կառուցուած Հայաստանի ժողովրդական ճարտարապետութեան ուշագրաւ օրինակները: Ժողովրդական ճարտարապետութիւնը, որ հաստատուած է բազմադարեան աւանդոյթներով, կ'արտացոլէ հայ քարտաշներու եւ ճարտարապետներու իւրօրինակ ոճը։ Սակայն վերջին հարիւր ամեակի ընթացքին, միջազգային ճարտարապետութեան տարբեր ոճեր իրենց կնիքը դրած են քաղաքի վրայ՝ արտացոլելով համաշխարհային միտումները։

Անունը ի՞նչ կը յուշէ:

Քաղաքի ճարտարապետութեան զարգացման ընթացքը, քաղաքի պատմութիւնը, ուղղակի արտացոլուած է ժամանակի ընթացքին իր ստացած բազմաթիւ անուններուն մէջ։ 19-րդ դարէն սկսեալ, իւրաքանչիւր պատմական շրջան իր հետ բերած է ճարտարապետական նոր ոճ. այսպիսով քաղաքը ընդլայնուած ու զարգացած է դառնալով Հայաստանի մշակոյթի մայրաքաղաքը։ 

Քաղաքականութեան եւ նոր կազմուած կառավարութիւններու փոփոխութիւններու պատճառով քաղաքը կոչուած է՝ Կումայրի, Գիւմրի, Ալեքսանդրապոլ, Լենինական եւ կրկին՝ Գիւմրի։

773 թուականի պատմագիտական աղբիւրներու համաձայն այս հին բնակավայրի անունը Կումայրի եղած է: Յետագային, միջին դարերուն, Գիւմրի կոչուած է։ 1837-ին, Ռուսիոյ կայսր Նիքոլայ Ա. զայն Ալեքսանդրապոլ անուանած է, ի պատիւ իր կնոջ՝ Ալեքսանդրայի։ Այս շրջանին սկիզբ առաւ քաղաքի ծաղկումը, կերտուած են այնպիսի շէնքեր եւ կառոյցներ, որոնք յետագային քաղաքի պատմական ժառանգութեան յատկանշական մէկ մասը դարձած են:

1924-ին, խորհրդային վարչակարգի շրջանին, Լենինական կոչուած է՝ ի պատիւ ԽՍՀ Միութեան հիմնադիր ղեկավար Վլատիմիր Լենինի։ 1991-ին, ԽՍՀՄիութեան փլուզումէն եւ Հայաստանի անկախացումէն ետք, քաղաքի բնակչութեան մեծ մասի խնդրանքով, քաղաքը վերանուանուած է Գիւմրի՝  ազդարարելով ետխորհրդային ժամանակաշրջանի սկիզբը։

Պահպանել անցեալը՝ յանուն ապագայի 

1980-ին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրամանով հիմնուած է «Կումայրի» պատմաճարտարապետական արգելոց-թանգարանը: Այս արգելոց-թանգարանը այժմ կը գտնուի Գիւմրիի քաղաքապետարանի հովանաւորութեան տակ։ Հիմնադրումի շրջանին, քաղաքի կեդրոնը, կողք-կողքի, աւելի քան 1600 ճարտարապետական ​​յուշարձաններ եւ պատմական տեսարժան վայրեր կը գտնուէին: Պատմական կեդրոնը գրաւած էր 120 հեկտար տարածք (գրեթէ 300 ակր)։ Հաստատութեան պատասխանատուութիւնն էր շինութիւններու գիտական հետազօտութիւնը կատարել (հետազօտում, ստուգում-հաշուարկում, վերանորոգում), եւ թաղամասի՝ պատմական այս վայրի պահպանութիւնը ապահովել: Տարիներու ընթացքին տասնեակ կառոյցներ եւ տեղական արհեստագործական աւանդոյթներ վերականգնուեցան (քարագործութիւնը, դարբնութիւն, փայտի մշակում)։ «Կումայրի» պետական պատմա-ճարտարապետական արգելոց-թանգարանի վերականգնողական գիտական արհեստանոցը հիմնուած է քաղաքաշինութեան եւ ժառանգութեան վերականգման ծրագիրները իրականացնելու նպատակով։ Այսօր «Կումայրի» պատմաճարտարապետական արգելոց-թանգարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, նպաստելով այս պատմական կեդրոնի պահպանումին, հետազօտումին, զարգացումին եւ գիտելիքներու տարածումին: «Կումայրի» պատմաճարտարապետական արգելոց-թանգարանի շնորհիւ, պատմական թաղամասը ամբողջ Հայաստանի մէջ պահպանուած միակ պատմաճարտարապետական թաղամասն է: