Մեր մասին

«Կումայրիէն մինչեւ Գիւմրի» ներգործօն բազմաբնոյթ ել. ուղեցոյցի նպատակն է պահպանել քաղաքի պատմական յիշողութիւնը, օգնել պատկերացնելու ապագան՝ տեղեկութիւններ տարածելով, վերլուծելով, տեղւոյն ու միջազգային լսարանին հետ կիսելով Գիւմրիի մշակութային ժառանգութիւնն ու տեղեկատուական քարտէզները: Այս ել. գիրքը կը ձգտի բացայայտել Գիւմրին որպէս հարուստ մշակոյթ ունեցող զբօսաշրջային վայր, ներգրաւել առցանց կամ անցանց այցելողները եռաչափ քարտէզներով եւ հաղորդակից դարձնել քաղաքի հին ճարտարապետութեան ու ներկայ պատմութիւններուն: Ել. գիրքին կարելի է ծանօթանալ շարժական գործիքներով (mobile devices): Ասիկա առիթ մըն է այցելուներուն, որ Գիւմրին բացայայտեն երեւութապէս, եւ կամ օգտագործեն որպէս ել. ուղեցոյց՝ անձամբ այցելելու ընթացքին:

Ել. այս գիրքը կը ներկայացնէ «Կումայրի» պատմական թաղամասի կեդրոնը գտնուող 12 վայրերու ուսումնասիրութիւնը՝ եռաչափ (3D) եւ երեւութական իրականութեան (VR) քարտէզներով։ Ժամանակի ընթացքին ծրագիրը պիտի ամբողջանայ տեսարժան նոր վայրերով, նոր բովանդակութեամբ, Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաքի հարուստ խճանկարի ամբողջական պատկերը ցոյց տալու համար: 

Նախագիծը մշակուած է «Իմ Հայաստան» ծրագիրի, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ Քաղաքային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի համագործակցութեամբ: 

Ներգործօն բազմաբնոյթ ել. գիրքի շարքի անձնակազմ

Հիմնադիր եւ գլխաւոր նախագծող՝ Երուանդ Զօրեան

Ճարտարագիտական բաժինի գլխաւոր խորհրդատու՝ Բագրատ Պալապանեան

Ճարտարագիտական բաժինի ղեկավար՝ Արթուր Աւագեան

Ծրագիրի ղեկավար՝ Արմինէ Մարտիրոսեան

Ներգործօն բազմաբնոյթ քաղաքային ել. ուղեցոյցի անձնակազմ

Նախագիծի կառավարում՝ «Իմ Հայաստան» ծրագիր, ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային Համալսարան

Բովանդակութեան հեղինակներ՝ Աշոտ Միրզոյեան, Արմինէ Խաչատրեան, Վիգէն Գալստեան, Գայիանէ Շագոյեան

Ձեւաւորող՝ Սարգիս Անտոնեան

Լուսանկարիչներ՝ Արեգ Պալայեան, Նարեկ Յարութիւնեան

Տեսանկարող՝ Նարեկ Յարութիւնեան

Արխիւային պատկերներու պատասխանատուներ՝ Կումայրի արգելոց-թանգարան, Սասուն Գրիգորեան, Հայկ Ադամեան

Ճարտարագիտական բաժինի գլխաւոր մշակող՝ Անի Աւագեան

Ճարտարագիտական բաժինի մշակող՝ Թովմաս Պետրոսեան

Թարգմանիչներ՝ Անի Տեկիրմէնճեան (թրքերէն), Գոհար Գէորգեան (սպաներէն), Գոհար Գէորգեան (ռուսերէն), Զեփիւռ Խպլիկեան (արեւմտահայերէն), Արմենուհի Անանեան (արեւելահայերէն), Ովսաննա Ճորոխեան (ֆրանսերէն)։

Ընթերցողներ՝ Դաւիթ Օճակեան (անգլերէն), Անոյշ Յակոբեան (արեւելահայերէն), Անի Զէյթունցեան (արեւմտահայերէն), Թամարա Արուշանովա (ռուսերէն), Մակալի Արթինեան-Փուլայն (ֆրանսերէն), Յովիկ Պուտուգեան (սպաներէն), Անի Տեկիրմէնճեան (թրքերէն)։

«Իմ Հայաստան» ծրագիրի մասին

«Իմ Հայաստան» ծրագիրը (MAP) մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած զբօսաշրջային ծրագիր է: Կեանքի կոչուած է Սմիթսոնեան ինստիտուտի կողմէ՝ ԱՄՆահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) նիւթական աջակցութեամբ: «Իմ Հայաստան» ծրագիրը կ'օգտագործէ բանաւոր պատումներու ներուժը՝ համայնքային զբօսաշրջութեան զարգացումով մշակութային ժառանգութեան ամրապնդման նպաստելու համար: 2015-2021 «Իմ Հայաստան»-ը աշխատած է Հայաստանի հինգ մարզերու մէջ հարիւրէ աւելի զբօսաշրջային փորձառութիւններու զարգացման ուղղութեամբ եւ մշակած է մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղուած զբօսաշրջային փորձառութիւններ՝ տարբեր ուղղութիւններով, ինչպէս՝ արհեստ, պատմութիւն, ազգագրութիւն, բնութիւն, թանգարաններ, մշակութային վայրեր, փառատօներ, եւ այլն... ։  

«Իմ Հայաստան» ծրագիրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար՝   https://myarmenia.si.edu/en/ 

Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) առցանց կրթութեան հաւատարմագրուած ուսումնական հաստատութիւն մըն է: Հիմնադրուած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ, հայկական կրթութիւնը արդի ճարտարագիտութեամբ ներկայացնելու համար։ 2004-ին ՀԲԸՄ-ի Սիլիքոն Վելի մասնաճիւղի կողմէ նախաձեռնուած եւ 2009-ին մեկնարկուած ՀՀՀ-ի բազմաբնոյթ դասընթացքները, առցանց webinar-ները, երեւութական համայնքները եւ ներգործօն ել. գիրքերը հասանելի են բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են հայկական ազգային ինքնութեամբ եւ ընթացիկ նիւթերով: ՀՀՀամալսարանը հայագիտական դասընթացքներ կը տրամադրէ՝ առցանց եւ հիպրիթ եղանակով, դասաւանդման եօթը լեզուներով: ՀՀՀ-ը առցանց լսարաններ կ'ապահովէ այն ուսանողներուն, որոնք աւանդական հայկական կրթական ծրագիրներուն հետեւելու առիթը չունին: ՀՀՀ-ին կրնան հետեւիլ նաեւ անոնք, որոնք կը փափաքին ամբողջացնել առկայ ծրագիրը՝ յաւելեալ գիտելիքներով: 

ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն է՝ ստեղծել կրթական երեւութական համայնք մը, ուր աշխարհով մէկ սփռուած ուսանողները կրնան իրարու հաղորդակից դառնալ կրթական, մշակութային եւ ընկերային կապերով:  

ՀՀՀ-ի անձնակազմը ոչինչ խնայեց, որ ներգործօն բազմաբնոյթ ել. գիրքը ըլլայ հաճելի՝ ընթերցողներուն համար։ Ուրախ կ'ըլլանք, եթէ այս գիրքի մասին տեղեկութիւն փոխանցէք Ձեր ընկերներուն եւ ընտանիքի անդամներուն:

Շնորհակալութեամբ կ'ընդունինք Ձեր կարծիքը եւ առաջարկները ներգործօն բազմաբնոյթ ել. գիրքի յաջորդ նիւթի եւ ձեւաչափի մասին։ Մինչ այդ, ՀՀՀ-ի անձնակազմը պիտի շարունակէ ուսումնասիրել հայկական գանձերը՝ հետաքրքրական նոր նիւթ մը ներկայացնելու համար։ 

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կրնաք ստանալ այցելելով՝  info@avc-agbu.org ,  www.avc-agbu.org  կամ ընկերային ցանցերով՝  Facebook ,  Instagram ,  Twitter ,  Youtube ,  LinkedIn .

Քաղաքային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի մասին

Քաղաքային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը (ՔՈՒԿ/CRC) Գիւմրի գտնուող համայնքային կազմակերպութիւն է։ Ունի բազմաթիւ ծրագիրներ. նպատակն է տեղեկութիւններ հաւաքել քաղաքի մշակութային պատմութեան, ճարտարապետական ոճերու եւ պատումներու մասին։ Կեդրոնի անձնակազմի անդամները՝ ճարտարապետ Աշոտ Միրզոյեանի ղեկավարութեամբ, Գիւմրիի ճարտարապետութեան մասին հաւաքուած տեղեկութիւնները մեծ ոգեւորութեամբ կ'ուսումնասիրեն եւ կը փոխանցեն: Գիւմրի այցելելու ատեն, քաղաքի զբօսնումը կազմակերպելու համար կրնաք կապ հաստատել Քաղաքային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին հետ։ 

Մեզի հետ կապ կրնաք հաստատել՝  ashotmirzoyan@gmail.com  կամ  https://www.facebook.com/CityResearchCenter/ 

Շնորհակալիք

Այս ներգործօն բազմաբնոյթ ել. ուղեցուցի  հրապարակումը կարելի դարձաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան(ՀԲԸՄ), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) եւ Սմիթսոնեան ինստիտուտի աջակցութեամբ։

Բովանդակութեան համար պատասխանատու են հեղինակները. պարտադիր չէ, որ արտայայտէ  ՀԲԸՄ -ի, ԱՄՆ ՄԶԳ-ի, Սմիթսոնեան ինստիտուտի կամ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան տեսակէտները։

«Իմ Հայաստան» ծրագիրը եւ ՀՀՀ-ը բարձր կը գնահատեն իրենց առաջարկներով եւ խորհուրդներով ել. ուղեցոյցի բազմաբնոյթ բովանդակութեան մշակման աշխատանքներուն աջակցող հիմնական գործընկերներուն ներդրումը:

  •  GEOVIBE , Հայաստան հիմնուած աշխարհատարածական ճարտարագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու ընկերութիւնը աջակցած է եռաչափ (3D) քարտէզներու պատրաստումին՝ օգտագործելով արհեստական բանակութիւնն ու տարածական վերլուծութիւնը:
  • Բջիջային ոլորտի ձեռներէց Պեն Թոքըրը (Սան Ֆրանսիսքօ, Պէյ շրջան, ԱՄՆ), իր խորհուրդներով եւ ուղեցոյցերով նպաստած է ներգործօն բազմաբնոյթ ել. գիրքի տեղադրումին՝ տարբեր հարթակներու վրայ: 
  • Սամուէլ Շուքուրեանը, ԵՊՀ-ի տեղեկատուական ճարտարագիտութեան կրթական եւ գիտահետազօտական կեդրոնի ղեկավարը եւ ՀՀ ԳԱԱ անդամը, ուղղորդած եւ աջակցած է գերժամանակակից ճարտարագիտութեան կիրառումը ել. ուսուցման բնագաւառի մէջ: 
  • Կարինէ Գրիգորեանը, ՀՀ ԿԳՆ Գիւմրիի արհեստագործական թիւ 4 պետական դպրոցը, Գիւմրիի ուշագրաւ շէնքերու մասին տեղեկութիւններ տրամադրած է: